image

Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը տագնապալի. Տարօն Աճէմօղլու

Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը տագնապալի. Տարօն Աճէմօղլու

Աշխարհահռչակ հայ տնտեսագէտ՝ Տարօն Աճէմօղլուն մասնակցելով Թուրքիոյ «Որակի Միութեան» կազմակերպած 29-րդ համագումարին, Թուրքիոյ տնտեսութեան հիմնախնդիրներու վերաբերեալ ելոյթով հանդէս եկած է ։

Աճէմօղլուն նշած է Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամի առկայութեան մասին, որուն յաղթահարման համար առաջարկած է ուժեղացնել ժողովրդավարութեան հիմքերը։

Մասնագէտին խօսքով՝ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը կը դժուարանայ գումար գտնել երկրի ներսն ու արտասահմանը, որու պատճառը փոխառութեան ժամկէտներու կրճատումն է։

Աճէմօղլուն յայտնած է, որ 1989 էն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ չկայ արտադրողականութեան աճ։ Չնայած 2007-էն մինչեւ այսօր տնտեսութեան մեջ գրանցուած աճին, ընդհանուր գործօնի արտադրողականութիւնը բացասական եղած է։ Եւ որ Թուրքիան երբեւիցէ արտահանում չէ իրականացուցած բարձր արդիւնաբերական ոլորտէն ներս:

Տնտեսագէտի դիտարկմամբ՝ 2008-էն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ նուազած է օտարերկրեայ ներդրումները, որոնք իրենց հետեւանքը ունեցած են տնտեսութեան որակին վրայ։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մարդկային ներուժի թեմային ըսած է, որ նկատելի է յատկապէս երիտասարդ բնակչութեան մէջ կրթական ցած ցենզ։

Թուրքիան այժմ աւելի վատ վիճակի մէջ է, քան 2000-ականներուն էր։  Սկսած է աճիլ փտածութիւնը։ Աւելի կարեւոր հանգամանքը, որ Թուրքիոյ մէջ կը փոխուին օրէնքներու եւ պատժամիջոցներու բնոյթը։

«Մինչ Covid-19 համավարակը Թուրքիան Արժանթինէն ետք դարձած էր գնաճի ամենաբարձր ցուցանիշ ունեցող երկիրը»,-յայտնած է Աճէմօղլու։

«Մտքի ազատութիւնը նոյնպէս զգալիօրէն անկում ապրած է 2007-էն։ Այժմ Թուրքիան ամենաշատ ազատազրկուած լրագրող ունեցող երկիրն է։ Թուրքիան վերջին 15 տարուայ ընթացքին խնդիրներ ունի նաեւ քաղաքական համակարգէն ներս, որոնք կ'անդրադառնան տնտեսական ինսթիթութներու վրայ եւ աճի վատ որակի պատճառ կը դառնան»,-ըսած է տնտեսագէտը։