image

Արցախեան պատերազմին միայն գինեգործութեան ոլորտին մէջ թշնամին մեզի պատճառած է 1 միլիոն տոլարի վնաս

Արցախեան պատերազմին միայն գինեգործութեան ոլորտին մէջ թշնամին մեզի պատճառած է 1 միլիոն տոլարի վնաս

Հատրութի մէջ (որ յայտնուած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ) (Kataro) մնացած է գինիի երեք ձեռնարկութիւն, այդ շարքին` «Կատարո» ձեռնարկութիւնը: Այս մասին  NEWS.am-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Հայաստանի գինիի ազգային կեդրոնի նախագահ Աւագ Յարութիւնեանը: Ան աւելցուցած է, որ հրետակոծութեան հետեւանքով մասամբ վնասուած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի գինիի գործարանները:

«Արտադրութեան մէջ լուրջ ներդրումներ եղած էին: Ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ընդհանուր վնասը աւելի քան 1 միլիոն տոլար կազմած է: Ձեռնարկութիւններու արտադրանքը շատ բարձրորակ էր եւ հիմնական կ'արտահանուէր: Խաղողի այգիներուն մէջ աշխատողներէն բացի, գործարանները աշխատանքով կ'ապահովէին աւելի քան 40 մարդու»,- նշած է փորձագէտը:

Յարութիւնեանը պարզաբանած է, որ Ասկերանի եւ Ստեփանակերտի մէջ ձեռնարկութիւնները չեն տուժած:

«Քանդուած ձեռնարկութիւնները կրնան վերականգնուիլ, եւ այդպիսի ցանկութիւն կայ, իսկ այն տարածքներուն մէջ, որոնք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ չեն անցած, հնարաւոր է նոյն խնդողնի եւ եւրոպական տեսակի խաղողի լուրջ արտադրութիւն կազմակերպել, նաեւ օգտագործելով Սարսանգի ջրամբարի հնարաւորութիւնները: Ասկերանի եւ Մարտակերտի մէջ ատոր համար պայմանները իտէալական են»,- եզրափակած է ան: