image
Հրատապ լուրեր:

Գիշերուայ ընթացքին Գանատայի մէջ 2 եկեղեցի հրկիզուած է (Լուսանկարներ)

Գիշերուայ ընթացքին Գանատայի մէջ 2 եկեղեցի հրկիզուած է (Լուսանկարներ)

Գանատայի մէջ մէկ գիշերուան ընթացքին 2 քրիստոնէական եկեղեցի այրած է. hրդեհները տեղի ունեցած են կիրակի գիշերը` Օնթարիօ նահանգին մէջ: Ինչպէս յայտնած է CTV հեռուստաալիքը, իշխանութիւնները չեն բացառեր հրկիզման վարկածը։

Իրարմէ 7 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող եկեղեցիներուն մէջ հրդեհի բռնկումը տեղի ունեցած է վեց ժամ տարբերութեամբ: Հրդեհներու հետեւանքով եկեղեցիները ամբողջութեամբ այրած են։ Տեղական ոստիկանութիւնը եւ իշխանութիւնները կասկածելի կը համարեն քանի մը ժամ տարբերութեամբ երկու եկեղեցիներուն մէջ հրդեհի բռնկումը եւ չեն բացառեր դիտաւորեալ հրկիզման վարկածը։

Տեղական ոստիկանութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին յանձնարարուած է հրշէջ պահպանութեան վարչութեան հետ համատեղ հետաքննութիւն իրականացնել։

 

South Caradoc United Church FireSt. Andrews FireSt. Andrews FireSt. Andrews Anglican Church Fire