Ռուսաստանի ԱԳՆ յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուղղուած դիմումի կապակցութեամբ։
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն.Վ. Փաշինեանի՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինին ուղղուած դիմումի կապակցութեամբ, որուն մէջ ան խնդրած էր սկսիլ խորհրդակցութիւններ՝ որոշելու օգնութեան տեսակը եւ ծաւալը, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կրնայ տրամադրել Հայաստանի Հանրապետութեան՝ անոր անվտանգութիւնը ապահովելու համար, կը հաստատենք Ռուսաստանի Դաշնութեան հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ դաշնակցային պարտաւորութիւններուն, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ 29 օգոստոսի 1997-ի Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ։ Այդ պայմանագրի շարք մը յօդուածներ կ'ենթադրեն յստակ գործողութիւններ՝ զինուած յարձակման սպառնալիքի կամ իրար տարածքի նկատմամբ յարձակման առաջացման պարագային:
Պայմանագրի համաձայն՝ Ռուսաստանը Երեւանին կը ցուցաբերէ անհրաժեշտ ողջ օգնութիւնը, եթէ մարտական գործողութիւնները տեղափոխուին անմիջապէս Հայաստանի տարածք։
Կրկին կոչ կ'ընենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն անյապաղ դադրեցնելու կրակը, թուլացնելու լարուածութիւնը եւ վերադառնալու առարկայական բանակցութիւններու՝ ս. թ. 10 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներու ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու շրջածիրէն ներս՝ հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով»: