image

Շուշիի մէջ հակառակորդի հարուածներու հետեւանքով բնակիչներ վիրաւորուած են

Շուշիի մէջ հակառակորդի հարուածներու հետեւանքով բնակիչներ վիրաւորուած են

Այսօր առաւօտեան՝ ժամը 07:08-ի սահմաններուն, հակառակորդը, խախտելով Ժընեւի մէջ՝ խաղաղ բնակավայրերը չթիրախաւորելու մասին ԵԱՀԿ ՄԻնսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, հրթիռակոծած է Ստեփանակերտն ու Շուշին:

Ստեփանակերտի մէջ թշնամական ուժերու թիրախ յայտնուած է կեդրոնական շուկան ու մէկ բնակելի տուն:

Քաղաք Շուշիի մէջ հակառակորդի հարուածներու հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան վիրաւորներ: