Արցախի մէջ զոհուած է երիտասարդ դերասան՝ Ադամ Խալաթեան։ Այս մասին դիմատետրի էջին վրայ գրառում կատարած է անոր կնքահայրը՝ Գուրգէն Սարգսեան։
«Ախպերսս, քու սիրած հերոսի խօսքերը քեզ կ'ըսեմ. «Մեռնիլ ապրելու եւ ապրեցնելու համար, այլ ոչ թէ ապրիլ մեռնելու համար»։ Անմահացաւ ախպերս, ընկերս, թանկս, սանիկս։ ԱԴԱՄՍ...»,- գրած է Սարգսեան։
Դերասանուհի Անի Լուփէն նաեւ գրած է. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Տաղանդաւոր ՀԱՅ։ Տաղանդաւոր դերասան։ Լաւ մարդ Ադամ»։