image

Մարդկութեան դէմ Ատրպէյճանի ցեղական զտումներու քաղաքականութիւնը ձախողութեան դատապարտուած է. ՀՀ ԱԳՆ

Մարդկութեան դէմ Ատրպէյճանի ցեղական զտումներու քաղաքականութիւնը ձախողութեան դատապարտուած է. ՀՀ ԱԳՆ

Ատրպէյճանի` մարդկութեան դէմ ոճիրներու եւ ցեղական զտումներու քաղաքականութիւնը դատապարտուած է ձախողման եւ պիտի շարունակէ հանդիպիլ Արցախի ժողովուրդի վճռական դիմադրութեան: Այս մասին ըսուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

ՀՀ ԱԳՆ-ն յիշեցուցած է, որ վերջին երեք օրերուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակավայրերը կը շարունակեն ենթարկուիլ ազրպէյճանական տարբեր տեսակի հրթիռահրետանային, հարուածային ԱԹՍ-ներու յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ ռազմական օդուժի ռմբակոծումներուն։

28 Հոկտեմբերի երկրորդ կէսէն մինչ այս պահը ներառեալ՝ անդադար կը թիրախաւորուին Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Մարտակերտը։ Ամենաուժգին հարուածներուն կ՝ենթարկուին Ստեփանակերտը եւ Մարտակերտը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ խաղաղ բնակչութեան կը հասցուի հսկայական վնաս, կ'ոչնչացուին քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։

«Համավարակի պայմաններուն մէջ հարուածներ կը հասցուին հիւանդանոցներուն եւ առողջապահական այլ ենթակառուցուածքներուն։ Կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարուող ատրպէյճանական վարչաձեւի այս պատերազմական յանցանքները կ՝ուղեկցուին Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու ուղիղ ներգրաւումով եւ կը հետապնդեն ԼՂ-ի մէջ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու նպատակ»,- նշած է ՀՀ ԱԳՆ-ն:

Հակառակ միջազգային համայնքի կոչերուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքներուն՝ Ատրպէյճանը յամառօրէն կը մերժէ հրադադարի համաձայնութիւններուն իրականացումը եւ հակամարտութեան գօտիին մէջ հրադադարի պահպանման վաւերական մեքենականութիւններուն ներդրումը։

«Ձգտելով իրականացնել իր ցեղասպան մտադրութիւնը եւ խուսափիլ անոր պատասխանատւութենէն՝ Ատրպէյճանը միաժամանակ ծաւալած է կեղծիքներու եւ հերիւրանքներու վրայ հիմնուած քարոզարշաւ՝ մոլորեցնելու միջազգային հանրութիւնը։

Ատրպէյճանի մարդկութեան դէմ ոճիրներու եւ ցեղական զտումներու քաղաքականութիւնը դատապարտուած է ձախողման եւ պիտի շարունակէ հանդիպիլ Արցախի ժողովուրդի վճռական դիմադրութեան, որ պիտի իրականացուի ինքնապաշտպանութեան համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով»,-եզրափակած է ՀՀ ԱԳՆ-ն: