image

«Սմերչ» համալիրներէ հրթիռակոծութեան կ՚ենթարկուին Ստեփանակերտ, Շուշի եւ Մարտակերտ քաղաքները

«Սմերչ» համալիրներէ հրթիռակոծութեան կ՚ենթարկուին Ստեփանակերտ, Շուշի եւ Մարտակերտ քաղաքները

Ներկայ պահուն թշնամական ուժերու կողմէ համազարկային կրակի «Սմերչ» համալիրներէ հրթիռակոծութեան կ'ենթարկուին Ստեփանակերտ, Շուշի եւ Մարտակերտ քաղաքները:

Հակառակորդը, հերթական անգամ խախտելով միջազգային մարդասիրական եւ սովորութային իրաւունքներու պահանջները, կրակի տակ առած է բացառապէս խաղաղ բնակավայրերը, որու հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ:

Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը կատարէ հերթական պատերազմական յանցագործութիւնը: Իրադրութեան հետագայ լարման համար ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի յանցագործ ղեկավարութիւնը: