image

Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի աշխարհազօր. ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց օրէնսդրական փաթեթը

Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի աշխարհազօր. ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց օրէնսդրական փաթեթը

ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Պաշտպանութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին եւ յարակից օրէնքներուն մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնսդրական փաթեթը, որով կը ստեղծուի աշխարհազօր ու կը սահմանուի այդ եզրոյթը: Այս մասին օրէնսդրական փաթեթը 27 հոկտեմբերին հրաւիրուած ԱԺ արտահերթ նիստի ժամանակ ներկայացուցած է Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Բալայեանը:

«Օրէնսդրօրէն պիտի սահմանուի աշխարհազօր եզրոյթը, որպէս ՀՀ-ի վրայ զինուած յարձակման, անոր անմիջական վտանգի առկայութեան կամ ռազմական գործողութիւններու պայմաններուն մէջ ՀՀ զինուած պաշտպանութեան կամաւորութեան սկզբունքով քաղաքացիներու մասնակցութեան համար: Աշխարհազօրը պիտի գործէ տարածքային սկզբունքով եւ ըստ ՀՀ վարչատարածքային բաժանման, պայմանականօրէն բաղկացած պիտի ըլլայ զօրամիաւորումներէ, անոնց ենթակայ ջոկատեներէ եւ գումարտակներէ: Աշխարհազօրի ընդհանուր ղեկավարումը պիտի իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը` զինուած ուժերու պատրաստութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ ձեւաւորուած աշխարհազօրային շտապի միջոցով»,- ըսած է Բալայեանը:

Գաբրիէլ Բալայեանը աւելցուցած է, որ աշխարհազօրայինի հետ պիտի կնքուի պայմանագիր, անոր պիտի ամրակցուի զէնք, յատկացուի զինուորական համազգեստ եւ աշխարհազօրայինը պիտի նշանակուի համապատասխան պաշտօնի:

«Աշխարհազօրային պայմանական ջոկատներու եւ գումարտակներու համալրումը աշխարհազօրայիններով (այսուհետ նաեւ` աշխարազօրայինի հաւաքագրում) տարածքային սկզբունքով պիտի իրականացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան զօրակոչային եւ զօրահաւաքային համալրման տարածքային ստորաբաժանումները` պահեստազօրին մէջ հաշուառուած եւ պատերազմական ժամանակի հաստիքներու չկցագրուած քաղաքացիներէն, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները` համապատասխան համայնքին մէջ (Երեւան քաղաքի մէջ` ըստ վարչական շրջաններու) հաշուառուած քաղաքացիներէն»,- նշած է Գաբրիէլ Բալայեանը:

Օրէնքի նախագիծը առաջին ընթերցմամբ ընդունուեցաւ միաձայն` 71 «կողմ» ձայնով: