image

Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ քիթը պէտք է կոտրել. Ռուս պատգամաւոր

Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ քիթը պէտք է կոտրել. Ռուս պատգամաւոր

«Եթէ Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ «Քիթը չկոտրենք», ՆԱԹՕ-ն, անշուշտ, կը փորձէ Ռուսաստանի մէջ իրավիճակը Կովկասի միջոցով սասանել», համոզուած է Պետտումայի պատգամաւոր՝ Ալեքսանտր Շերին:

Մեկնաբանելով Անգարայի պահուածքը՝ Պետտումայի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ՝ Ալեքսանտր Շերին համոզմունք յայտնած է, որ Անգարային պէտք չէ վստահիլ: «Թուրքիան Ռուսաստանի բարեկամն է միայն այն պարագային, երբ այդ իրեն ձեռնտու է, ինչ որ հիմնաւորուած է պատմական իրողութիւններով»,- ըսած է պատգամաւորը  «ПолитЭксперта»-ի հետ զրոյցին։

«Ռուսաստանը ան պետութիւնն է, որ զրկած է Թուրքիան կայսրութեան կարգավիճակէն: Հակառակ պարագային, ուրկէ՞ ձեռք բերինք Ազով քաղաքը եւ ելքը դէպի Սեւ ծով: Անոնք այդ մասին կը խօսին թրքական դպրոցներուն մէջ եւ ունին պատմական յիշողութիւն: Եւ եթէ ինչ որ մէկը զարմացած է, թէ ինչու Թուրքիան նման վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Ռուսաստանի նկատմամբ, այդ պարզապէս յանցաւոր միամտութիւն է: Ան միշտ այդպէս կը վերաբերի»,- համոզուած է պատգամաւորը:

Ըստ Շերինի՝ Թուրքիան այժմ կը փորձէ վերադարձնել Կովկասը, իսկ «Ռուսաստանը եւ ամբողջ աշխարհը զբաղած են անոր հանգստացնելու քաղաքականութեամբ»: Պատգամաւորը վստահ է, որ նման մեղմութիւն Անգարան «աւելի լկտի» կը դարձնէ․ «Մենք կը գտնենք բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչու չենք խառնուիր որեւէ հակամարտութեան: Մենք կը կարծենք, որ Էրտողան փոքր ինչ կը կատաղի ու կը հանգստանայ: Բայց Թուրքիոյ ցանկացած գործողութիւն, որ կը մնայ առանց պատշաճ արձագանգի, կ'ամրապնդէ Էրտողանի այն վստահութիւնը, որ ինք ունի ամենաուժեղ եւ ամենահզօր երկիրը եւ որ իր բանակը կ'օգնէ վերադարձնելու Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի կորսնցուցած բոլոր տարածքները: Փոքր քայլերով ան կը շօշափէ միջազգային հանրութեան արձագանգը իր գործողութիւններուն: Թուրքիոյ հետ բոլոր մեղմ յարաբերութիւնները կ'ընկալուին ոչ թէ որպէս դիւանագիտական մշակոյթ, այլ՝ թուլութեան դրսեւորում: Եւ հետագային աւելի վատ կ'ըլլայ»:

Պաշտպանութեան յանձնաժողովի պատգամաւորը, որ չեչենական պատերազմին ստորաբաժանման հրամանատար եղած է, յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանը Հայաստանի մէջ ռազմակայան ունի եւ զգուշացուցած է, որ պատշաճ արձագանգի բացակայութեան պարագային շուտով Ատրպէյճանի մէջ կը յայտնուի թրքական ռազմակայան, որ հաւասար է ՆԱԹՕ-ի կայանին։

«Այսինքն՝ ՆԱԹՕ-ն կը յայտնուի Կասպից ծովուն՝ միակ ծովուն մէջ, ուր դեռեւս չկան դաշինքի նաւեր եւ զօրքեր: Եւ այս ելք է դէպի տարածաշրջան երկու ուղղութիւններէ` Սեւ ծովէն եւ Կասպից ծովէն, եւ Կովկասով Ռուսաստանի իրավիճակը սասանելու նոր փորձ»,- բացատրած է պատգամաւորը:

Շերին նշած է, որ ինք պատերազմ չի ցանկար, սակայն նշած է, որ «երբեմն աւելի լաւ է ինչ որ առանձին հարցով «քիթ կոտրել», քան ետքը ընդհանուր կերպով գլուխ հանել»: