image

Ֆրանսա տուն կանչեց Թուրքիոյ մօտ իր դեսպանը

Ֆրանսա տուն կանչեց Թուրքիոյ մօտ իր դեսպանը

Ֆրանսան խորհրդակցութիւններու նպատակով ետ կանչած է Անգարայի մէջ իր դեսպանը, այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին խորհուրդ տուած է «դիմել հոգեբոյժի»: Այս մասին կը յայտնէ AFP գործակալութիւնը:

«Նախագահ Էրտողանի մեկնաբանութիւնները անընդունելի են։ Աւելորդութիւնն ու կոպտութիւնը մեթոտ չէ։ Մենք կը պահանջենք, որ Էրտողանը փոխէ իր քաղաքականութիւնը, քանի որ այն վտանգաւոր է բոլոր առումներով», – AFP գործակալութեան յայտնած են Էլիզէի պալատէն։

Ան աւելցուցած է, որ Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու համար պիտի հանդիպի նաեւ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: