image

«Անձամբ կը մասնակցիմ Ղարաբաղի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն» Տանըլտ Թրամբ

«Անձամբ կը մասնակցիմ Ղարաբաղի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն» Տանըլտ Թրամբ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտնած է, որ կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններուն: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, ինչպէս կը յայտնէ ՌԻԱ Նովոստին, այս մասին յայտնած են նախագահական լրագրողներու միաւորման անդամները:

«Թրամբ յայտնած է, որ կը մասնակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջնորդութիւններուն, սակայն չէ ըսած՝ խօսած է երկիրներու ղեկավարներու հետ, թէ ոչ»,- նշած են լրագրողները:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները 23 հոկտեմբերին Ուաշինկթըն են, ուր առանձին հանդիպումներ ունեցած են պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ: