image

Հակառակորդը կեդրոնական ուղղութեամբ իրականացուցած է ներթափանցման փորձեր, որոնք յաջողութեամբ կանխուած են

Հակառակորդը կեդրոնական ուղղութեամբ իրականացուցած է ներթափանցման փորձեր, որոնք յաջողութեամբ կանխուած են

 

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած:
Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը:
Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով: Բացի օճախային մարտերէն, հակառակորդը կեդրոնական ուղղութեամբ իրականացուցած է նաեւ ներթափանցման փորձեր, որոնք ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ յաջողութեամբ կանխուած են:
ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կը կանխեն դաշտային իրադրութիւնը իրենց օգտին փոխելու թշնամական մտադրութիւնները եւ կը շարունակեն կատարել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: