image

Եթէ ներկայիս հակամարտութեան միակ լուծումը Ղարաբաղի ճանաչումն է, պէտք չէ երկմտիլ. Փարիզի քաղաքապետ

Եթէ ներկայիս հակամարտութեան միակ լուծումը Ղարաբաղի ճանաչումն է, պէտք չէ երկմտիլ. Փարիզի քաղաքապետ

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն հարցազրոյց տուած է «Nouvelles d’Armenie» պարբերականին:

«Եթէ ներկայիս հակամարտութեան միակ լուծումը Ղարաբաղի ճանաչումն է, պէտք չէ երկմտիլ: Ես անձամբ կողմ եմ ինքնորոշման: Պէտք է սատարել Հայաստանին այս փորձութեան եւ պայքարին մէջ»,-ըսած է Իտալկոն:

Փարիզի քաղաքապետը նշած է, որ շատ մտահոգուած է ստեղծուած վիճակով: Իտալկոն նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ քաղաքական ու ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին խորապէս խաթարած է տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնը: Փարիզի քաղաքապետի խօսքով՝ այդ երկու երկիրներու նպատակն է բնաջնջել հայերը Արցախի տարածքէն: Իտալկոն շեշտած է, որ Թուրքիան վտանգաւոր խաղ սկսած է՝ վարձկան ահաբեկիչներուն հնարաւորութիւն տալով միանալ Ատրպէյճանին: