image
Հրատապ լուրեր:

18-25 տարեկան զինուորներն ու սպաները արդէն 20 օր բոլորիս համար կ՚արհամարհեն մահը, արժանի ըլլանք անոնց

18-25 տարեկան զինուորներն ու սպաները արդէն 20 օր բոլորիս համար կ՚արհամարհեն մահը, արժանի ըլլանք անոնց

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ, ռազմական փորձագէտ Արծրուն Յովհաննիսեանն իր դիմատետրի էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․

«Մեր գոյութեան այս ծանր պատերազմին յաղթանակը այլընտրանք չունի, սակայն յաղթանակը հեշտ պիտի չտրուի, այն ծանր է ու կախուած է իւրաքանչիւրէս։ Ամէն մէկէս առանձին ու անհատական կախուած է յաղթանակը։ Ամէն մէկս պիտի հարց տանք թէ ինչ ըրած ենք յաղթանակի համար։ Ամէն օր պիտի մենք մեզի հարց տանք։

Սիրելի եղբայրներ, ինքնաշարժին վրայ ՀՀ եռագոյնը դնելով ու հայրենասիրական երգի բարձր ձայնով Երեւանի մէջ քշելով չեք նպաստեր յաղթանակին։ Իմ ուսանողուհիները կանանց ջոկատ կը կազմեն, այդ է յաղթանակին միտուած ուղիղ քայլը։ Նարի Սիւնին յստակ քայլ կ'ընէ յաղթանակի համար։ Երէկ գեղանի օրիորդ մը լացակումած ինծի կ'աղաչէր, որ իրեն մահապարտի յանձնարարութիւն տայի։ Այդ հայուհիին արժանի երիտասարդներ եղէք։ Վեր կացէք եւ քայլ առէք մեր գոյութեան պատերազմին համար։ 18-25 տարեկան զինուորներն ու սպաները արդէն 20 օր բոլորիս համար կ'արհամարհեն մահը, արժանի ըլլանք անոնց»։