image

Հայուհին 3 միլիոն տոլար նուիրաբերած է «Արցախի համար» ֆոնտին

Հայուհին 3 միլիոն տոլար նուիրաբերած է «Արցախի համար» ֆոնտին

Մեծ թիւով հայրենակիցներ կը միանան «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»ի նոր նախաձեռնութեան, որ կը  կրէ «Արցախի համար» ընդհանուր խորագիրը։

Այս առումով ուշագրաւ նուիրատւութիւն մը կատարած է Հայաստանի համար տարբեր առիթներով մեծ նուիրատւութիւններ ըրած Յովնանեան ընտանիքի անդամներէն Էտէլ Յովնանեան։

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանի դիմատետրի էջէն։

Արշամեան նշած է, որ Յովնանեան Արցախի համար նուիրաբերած է 3 միլիոն ԱՄՆ տոլարի պատկառելի գումար մը, յիշեցնելով նաեւ, որ վերջինիս ճիգերով հիմնադրուած է  սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը Հայաստանին կապել փորձող «Դէպի Հայք» (Birthright Armenian) կազմակերպութիւնը։

Նուիրատուական  նախաձաձեռնութիւնները կը շարունակուին։