image

Հակառակորդը այսօր եւս ունեցաւ հրետանիի ծանր կորուստներ. Ոչնչացուած են «Սմերչ» եւ «Ուրական» տիպի համազարկի կայաններ

Հակառակորդը  այսօր  եւս ունեցաւ   հրետանիի  ծանր  կորուստներ. Ոչնչացուած են  «Սմերչ» եւ «Ուրական» տիպի  համազարկի կայաններ

Օրուայ ընթացքին ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով շարունակուած են մարտական գործողութիւնները: Պաշտպանութեան Բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները իրենց հմուտ գործողութիւններով կը շարունակեն կործանիչ հարուածներ հասցնել նախայարձակ թշնամիին, որու հետեւանքով հակառակորդը կորսնցուցած է «Սմերչ» եւ «Ուրական» տիպի համազարկի կայաններ եւ տասնեակ այլ հրետանային ու հակահրասայլային միջոցներ, հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ՝ 1-ական «ԹՕՍ 1» տիպի հրանետ, 11 թանկ, 3 ՀՄՄ եւ 6 զրահափոխադրիչ:

Այս մասին կը յայտնեն Պաշտպանութեան բանակէն: