image

Արցախի մէջ Ատրպէյճանը կրկին կիրառած է թրքական F-16 ինքնաթիռներ

Արցախի մէջ Ատրպէյճանը կրկին կիրառած է թրքական F-16 ինքնաթիռներ

Ատրպէյճանը, 30 Սեպտեմբերին, Արցախի ՊԲ հիւսիս-արեւելեան, իսկ ապա նաեւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ կիրառած է թրքական F-16 բազմագործօն ինքնաթիռներ:

Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Այս պահուն մարտագիծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակուին անմիջական մարտերը: Շարք մը ուղղութիւններու մէջ ՊԲ-ն ունի նկատելի յաջողութիւններ: Հակառակորդի մարդկային եւ ռազմաճարտարագիտական կորուստները կ՝աւելնան»,- նշած է Ստեփանեան: