image

Ղարաբաղի հարցով Զախարովան ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարեց

Ղարաբաղի հարցով Զախարովան ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարեց

ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի կողմէ Սերկէյ Լաւրովին վերագրուող յայտարարութիւնները, կոչ ըրած է հիմնուելու բացառապէս Մոսկուայի դիրքորոշման վրայ, այլ ոչ թէ` այլ մեկնաբանութիւններու:

«Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի նախարարին վերագրուող մէջբերումներուն, ես կը խնդրէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել եւ այս հարցերը ուղղել այն աղբիւրներուն, ուրկէ ստացուած է այս տեղեկատուութիւնը: Ուստի անոր, անկեղծ ըսած, ես նոյնիսկ չեմ անդրադառնար»,- ըսած է Զախարովան:

Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացին, ապա Լաւրովի` ատրպէյճանական կողմի հետ հանդիպման ժամանակ, ըստ Զախարովայի, քննարկուած են հակամարտութեան կարգաւորման նախապէս հնչած հիմնարար սկզբունքները, այդ շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակային հարցերու լուծումը, ինչպէս նաեւ` անոնց շուրջ տարածքներու ազատումը»:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը բոլորը շատ լաւ գիտեն, եւ կը խնդրեմ առաջնորդուիլ ինքնին այդ դիրքորոշումով, եւ ոչ թէ տարբեր մեկնաբանութիւններով, զորս կը կատարեն ոչ ռուսական կողմը», եզրափակած է Զախարովա:

Վերահաստատելով, որ պէտք է միայն Ռուսիոյ պաշտօնական յայտարարութեան հետեւիլ` Զախարովա նշած է, որ պաշտօնական լրատուութեան մէջ 5 շրջաններու վերադարձին մասին որեւէ միտք առկայ չէ:

Յիշեցնենք, որ 23 սեպտեմբերին Միլլի մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումէն ետք ատրպէյճանական լրատուական կայքերը տեղեկութիւն տարածած էին այն մասին` իբրեւ թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Ս. Կաֆարովայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ «Ռուսիան կողմ արտայայտուած է արցախեան 5 շրջաններու` Ազրպէյճանին վերադարձին», եւ որ «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումը` ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ, կը խոչընդոտէ խաղաղ գործընթացի լուծումը»: