image

Հալէպահայ Ռաֆֆի եւ Մարինէ իրենց սիրտերը կապեցին Շուշիի հերոսական կամարներուն տակ (Լուսանկար)

Հալէպահայ Ռաֆֆի եւ Մարինէ իրենց սիրտերը կապեցին Շուշիի հերոսական կամարներուն տակ (Լուսանկար)

Օրերս հալէպահայ զոյգեր  պսակադրուած են Շուշիի Ղազանչեցւոյց եկեղեցւոյ մէջ։

Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին օրերս պսակադրեալներուն բարեկամները։

Հալէպի ծնունդ մեր հայրենակիցներ՝ Ռաֆֆի Գէորգեան եւ Մարինէ Տարագճեան, որ Սուրիոյ պատերազմէն ետք հանգրուանած էին Պէյրութի մէջ վճռած են գալ եւ հաստատուիլ մայր հայրենիքի մէջ։

Անոնք փափաքած են իրենց պսակադրութիւնը կատարել Արցախի հերոսական երկինքին տակ փայլող Շուշիի Ղազանչեցւոց  տաճարին մէջ, որպէս սիրոյ, հաւատարմութեան եւ յարատեւութեան արտայայտութիւն. Երիտասարդ ամոլը նաեւ վստահ է, որ հայրենի կամարին տակ իրենց  կերտելիք ընտանեկան բոյնը պիտի  դառնայ  օրինակ այն հայորդիներուն, որոնց համար մեծ երազ է հայրենադառնալ  եւ նոր կեանք սկսիլ Հայաստանի մէջ։