image

Արցախի մէջ հանդիպումներ՝ բանաստեղծ Սլաւի-Աւիկ Յարութիւնեանի հետ

Արցախի մէջ հանդիպումներ՝ բանաստեղծ Սլաւի-Աւիկ Յարութիւնեանի հետ

Օրերս Պարսելոնաբնակ ժամանակակից հայ բանաստեղծ, Սլաւի-Աւիկ Յարութիւնեանը հիւրընկալուած էր իր հայրենի Արցախի մէջ։

Այս մասին   «Արեւելք»ին   տեղեկութիւն  հաղորդեցին Սպանիայէն, ըսելով, որ ինչպէս Արցախի մայր բուհին մէջ, այնպէս ալ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան համալսարանին մէջ ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին հետ անոր հանդիպումները անցած են ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Մաշտոցի անուան համալսարանին մէջ բանաստեղծին հետ հանդիպումը բացած է տնօրէն Տոնարա Գաբրիէլեանը, յիշելով, որ բանաստեղծը իր ուսանողը եղած է։

Գրական, երաժշտական յայտագրին զուգահեռ, որ կատարած էին ուսանողները, արտասանելով հեղինակի բանաստեղծութիւնները՝ ելոյթ ունեցած են գրողներ, նախկին ու ներկայ  դասախօսներ, գրականագէտներ։

Արցախի պետական համալսարանին մէջ հանդիպումը վարած էր բանաստեղծի դասընկեր, տնօրէն Արմէն Սարգսեանը։ Ան ներկայացուցած է ներկաներուն իր բանաստեղծ ընկերոջ անցած ուղին։

Հանդիպման ներկայ էին բանաստեղծի բազում երկրպագուներ,  Արցախի ԱԺ պատգամաւորներ, պետական գործիչներ։

Սլաւի-Աւիկ Յարութիւնեանը ծնած է Արցախի Չլդրան գիւղը: Առաջին անգամ տպագրուած է 15 տարեկանին: Ստեփանակերտէն ետք ուսումը շարունակած է Մոսկուայի բուհերուն մէջ, դոկտորականի աստիճանի համար պաշտպանած է ատենախօսութիւն եւ ստացած է  փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան։
Շարք մը ֆիլմերու, գիտական յօդուածներու հեղինակ է։



Անոր բանաստեղծական շարքերը տպագրած են աշխարհի հանրայայտ ամսագրեր, թերթեր՝ Ռուսաստանի, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Մեքսիքայի մէջ, բանաստեղծական  միջազգային փառատօներու (ԱՄՆ, Իտալիա, Սպանիա) մասնակից ու դափնեկիր է:

Հայերէնէն բացի, գիրքերը տպագրուած են ռուսերէն, անգլերէն, Սպաներէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, գերմաներէն լեզուներով, որոնք կը վաճառուին աշխարհի խոշորագոյն՝ Casa del libro, Fnac, Carfur խանութներու ցանցերուն մէջ, լատինական Ամերիկայի մէջ, Amazon եւ այլ հարթակներու միջոցաւ։

Անոր գիրքերու շնորհահանդէսները անցած են Պարսելոնայի, Մատրիրի եւ Վալենսիայի մէջ։
Սլաւի-Աւիկ Յարութիւնեանի բանաստեղծութիւններէն ընդգրկուած են Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներու 11-րդ դասարանի, Արցախի համալսարաններու մագիստրատուրայի եւ Նիւ-Եորքի համալսարանի բանասիրական բաժնի ծրագրերուն մէջ։

Վերջին տասը տարիներուն բանաստեղծը  կ'ապրի Պարսելոնա։