image

Վրաստանի մէջ. «Քորոնա»ի թիւերը կ'աճին

Վրաստանի մէջ. «Քորոնա»ի թիւերը կ'աճին

Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւերը կ'աճին: Այսօր  գրանցուած է  218 նոր պարագայ:

Պաթումիի Հանրապետական ​​հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդ մահացած է: Փաստը հաստատած են Աճարիայի առողջապահութեան նախարարութենէն:

Ծանր վիճակի մէջ գտնուող 67-ամեայ տղամարդ մը միացուած էր արհեստական ​​շնչառութեան սարքին: Տղամարդը կը բուժուէր կաթուածէ, «Ռեֆերալ» հիւանդանոցին մէջ: Քանի մը օր առաջ անոր մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, որմէ ետք անոր տեղափոխած էին Պաթումիի հանրապետական ​​հիւանդանոց:

Նոյն օրը Քութաիսի քաղաքին մէջ (Իմերէթի շրջան) նոր «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով առաջացած բարդութիւններէն 80-ամեայ կին մահացած է:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու` Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 3.695 մարդ, որմէ 1534-ը առողջացած է, 22-ը՝ մահացած: Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի առաջին դէպքը գրանցուած էր 26 փետրուարին: