image
Հրատապ լուրեր:

Սան Ֆրանսիսքօ. Անծանօթ անձ մը կրակած է հայկական դպրոցի ուղղութեամբ

Սան Ֆրանսիսքօ. Անծանօթ անձ մը կրակած է հայկական դպրոցի ուղղութեամբ

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը, որ դեռ մօտ ամիս մը առաջ վանտալիզմի ենթարկուած էր. օրերս այն կրկին թիրախաւորուած է:

«Ասպարէզ»-ը  կը տեղեկացնէ, որ ոստիկանութեան տուեալներու համաձայն, շաբաթ առաւօտեան անյայտ անձ մը կրակ բացած է դպրոցի ուղղութեամբ եւ վնասած ցուցանակը: Կրակոցներու հետեւանքով տուժած չկայ:

Նշենք, որ Յուլիսին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը վանտալիզմի ենթարկուած էր՝ պատերուն գրուած էին հայհոյանքներ եւ պատկերուած էր Ատրպէյճանի դրօշը:

 

I