image

Հայաստանի խումբը Ռումանիայէն վերադարձաւ 3 ոսկեայ մետալներով

Հայաստանի խումբը Ռումանիայէն վերադարձաւ 3 ոսկեայ մետալներով

Ռումանիոյ Քլուժ Նապոկա քաղաքին մէջ կայացած մարզախաղերու (աթլեթիքս) Պալքանեան երկիրներու առաջնութենէն Հայաստանի խումբը վերադարձած է 3 ոսկէ մետալով:

Միջին տարածութիւններու վազորդ Երուանդ Մկրտչեանը ոսկէ մետալներ նուաճած է 1500 մեթր (3:47.60) եւ 3000 մեթր (8:12.02) մրցատարածութիւններուն մէջ։

Յաղթող դարձած է նաեւ եռացատկորդ Լեւոն Աղասեանը, որ ցոյց տուած է 16.53 մեթր արդիւնք։

Ամերիկահայ Ալեքսանտր Տօնիկեանը 100 մեթր վազքին մէջ գրաւած է չորրորդ տեղը՝ ցոյց տալով 10.44 վայրկեան արդիւնք, որ Հայաստանի մրցանիշ է։

 

Հետևեք NEWS.