image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Իլհամ Ալիեւի Արցախեան խնդրով բանակցութիւնները դադրած են

Ըստ Իլհամ Ալիեւի Արցախեան խնդրով բանակցութիւնները դադրած են

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բացասաբար կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ վիճակը եւ կը կարծէ, որ անոնք իրականութեան մէջ դադրած են, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ես բացասական կը գնահատեմ բանակցային գործընթացքի ներկայ վիճակը: Կը կարծեմ, որ ատրպէյճանցի ժողովուրդը լիովին համաձայն է ինծի հետ... Բանակցութիւնները իրականութեան մէջ չեն ընթանար»,- տեղական հեռուստաընկերութիւններուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ալիեւը:  

Ալիեւը նշած է, որ իր երկիրը « չի հրաժարիր բանակցութիւններէ, բայց միաժամանակ, քննարկումներուն մասնակցիլը յանուն տեսանելիութեան, ըստ էութեան, տեսանելիութիւն ալ կ'ըլլայ»:

Նախագահի տեսակէտէն՝ Հայաստանի ղեկավարութիւնը «փաստացի խախտած է բանակցային գործընթացքը»: «Քանի որ անոնց անհեթեթ յայտարարութիւնները եւ սադրիչ քայլերը անիմաստ կը դարձնեն բանակցութիւնները»,- աւելցուցած է Ալիեւը: