image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակ Պէյրութի մէջ տիրող վիճակին, լոյս տեսած է «Բագին»ի նոր համարը

Հակառակ Պէյրութի մէջ տիրող վիճակին,  լոյս տեսած է «Բագին»ի նոր համարը

Օրերս Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է «Բագին» գրական-գեղարուեստական ամսագրի նոր համարը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ  Պէյրութէն։

«Բագին», որ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն,  կը շարունակէ իր կարեւոր առաքելութիւնը  եւ այսօր ալ կը մնայ մեր գրականութեան զարգացման եւ խմորումներու կարեւոր հարթակներէն մին: 

«Համազգային»ի ամբողջական նեցուկով լոյս տեսնող պարբերանը կը խմբագրէ լիբանանահայ գրող  Սոնիա-Սանան Քիլէճեան- Աճէմեան, որ շնորհիւ իր գրական նկարագրին, ստեղծած միջավայրին եւ սփիւռքի մէջ տարածուած անուններուն հետ իր ունեցած կապերուն, կը շարունակէ վառ պահել «Բագին»ի բարձր աւանդն ու առաքելութիւնը։

Նշենք նաեւ, որ «Բագին»ի այս համարին մէջ (Մարտ 2020 ԾԹ.տարի թիւ 1) ստորագրութիւններ ունին Գրիգոր Պըլտեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Վեհանոյշ Թէքեան, Մարուշ Երամեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Աւետիս Հաճեան, Անահիտ Սարգիսեան, Ենովք Լազեան, Աննա Դաւթեան, Անուշ Քոչարեան,  Ծաւի Պիլալեան եւ Ճէսի Արլէն։