image
Հրատապ լուրեր:

Երեւան. Ներկայացուեցաւ Յակոբ Միքայէլեանի «Ճակատագրի սեւ կատուն» նորատիպը

Երեւան. Ներկայացուեցաւ  Յակոբ Միքայէլեանի  «Ճակատագրի սեւ  կատուն»  նորատիպը

Սուրիահայ գրող Յակոբ Միքայէլեան, որ արդէն իսկ Հայաստան կը բնակի, իր ընթերցողներուն դատին յանձնեց «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» վիպակը:

 «Արեւելք»  այս մասին տեղեկութիւն  ստացաւ ՝ «Արմէնբրէս»էն 

 Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ  Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ։

«Ուրախ եմ, որ կարդացի այս գիրքը, որում արտայայտեւած է հեղինակի ջանքն ու տաղանդը: Գրքում ներառուած են գործեր, որոնք ինձ շատ են տպաւորել, որոնցում ներկայացուած են Սիրիայում տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ներքին անցուդարձը», նշեց Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան եւ աւելցուց, որ, ընթերցելով առաջին գործը, որ սիրային է, չես կրնար ենթադրել, թէ ի՛նչ կը սպասէ քեզի։

Միլիտոնեան պատմեց, որ Միքայէլեանին ծանօթացած է Սուրիա այցելութեան ընթացքին, երբ հիւրընկալուած էր այն դպրոցին մէջ, որուն տնօրէնն է ան։  «Մենք այնտեղ հանդիպեցինք ու պէտք է նշեմ, որ շատ լաւ դպրոց էր: Կարծում եմ` Միքայէլեանը Սիրիայում մեծ գործ է արել», եզրափակեց ան:

Յակոբ Միքայէլեան խոստովանեցաւ, որ ասիկա վէպ կամ վիպակ գրելու իր առաջին փորձն է: «Այս վիպակը կազմուած է քանի մը պատմուածքներէ: Անոնք հրապարակուած են տարբեր թերթերու մէջ: Գիրքին վրայ աշխատած եմ վեց ամիս: Յաճախ կը հեռաձայնէի դստերս՝ անոր հետ գիրքին կառոյցին վերաբերեալ քննարկումներ ունենալու համար», ըսաւ Միքայէլեան` աւելցնելով, որ ինք չէ հետեւած աւանդական վէպի օրէնքներուն: