image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ երիտասարդ միաբաններէն Տ. Մաղաքիա աբղ. ուսման նպատակով Պրիւքսէլ մեկնեցաւ

Պոլսահայ  երիտասարդ  միաբաններէն Տ. Մաղաքիա  աբղ. ուսման  նպատակով  Պրիւքսէլ  մեկնեցաւ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  Պոլսոյ Միաբանութեան  երիտասարդ ու խոստմնալից անդամներէն՝Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան արտասահման մեկնած է  կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումը։ Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ  Պոլսոյ  «Ժամանակ»էն։

 Աղբիւրը կը  նշէ, որ Տ.  Մաղաքիան   իր ուսումը  պիտի կատարելագործէ Պելժիոյ  Լուվեռն համալսարանին մէջ։ Այս վերջինը հեղինակաւոր բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն մըն է։

 

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ծնած է 1992 թուականին։ Աւարտած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ընծայարանը։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելէ վերջ հովուական ծառայութիւն իրականացուցած է Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներէն ներս։ Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին ան մաս կազմած է մեր հոգեւորականաց դասուն եւ այդ ընթացքին իր կարողութիւններով արժանացած է բոլորի գնահատանքին, նաեւ առարկայ դարձած՝ համատարած համակրանքի։ Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին՝ Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պեսքիսիզեան աշխուժութիւն բերած է մեր հոգեւորականաց դասէն ներս, ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ունեցած է իր անանտեսելի ներդրումը։ Ան ուշադրութիւն գրաւած է նաեւ իր կազմակերպչական կարողութիւններով՝ յաջողելով շարժման անցընել մասնաւորապէս երիտասարդները։

 Տ.Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի բարձրագոյն ուսման կատարելագործման այս ծրագրին հայրաբար իր աջակցութիւնը բերած է նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ նկատելով երիտասարդ հոգեւորականի խոստացած փայլուն ապագան՝ փափաքած է նպաստել անոր մտաւորական պատրաստութեան։

 Յիշեցնենք, որ Տ. Մաղաքիան քրոջորդին է Պոլսոյ Միաբանութեան   երէց անդամներէն եւ  երկար  ժամանակով  Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ընդհանուր Փոխանորդի   պաշտօն   կատարած՝  Տ. Արամ արք.  Աթէշեանին։

 

«Արեւելք» ի սրտէ   յաջողութիւն եւ կանաչ  ճանապարհ  կը   մաղթէ  երիտասարդ հայր  Սուրբին։