image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս մեծ բանաստեղծի հետքերը Կարին-Էրզրումի մէջ

Ռուս մեծ բանաստեղծի հետքերը Կարին-Էրզրումի մէջ

Թրքական «Էվրենսէլ» պարբերականի յօդուածագիր Սեչքին Եապանլըն անդրադարձած է Կարինի մէջ (թրք․ պաշտօնական անուանումը՝ Էրզրում) ռուս յայտնի գրող Ալեքսանտր Պուշկինի թողած հետքերու թեմային։ Այդ մասին «Արեւելք»ի կը տեղեկանայ Akunq.net-ի ներկայացուցած թարգմանութենէն:


 

Աղբիւրի համաձայն՝ յօդուածի հեղինակը նշած է, թէ Էրզրում նահանգի Եաքութիյէ գաւառի Եէղէնաղա թաղամասի նեղլիկ փողոցին մէջ կը պահպանուի թիւ 38 առանձնատունը, որ 19-րդ դարու սկիզբները կառուցուած է տրապիզոնցի (հաւանաբար հայ-Ակունքի խմբ) ընտանիքի մը կողմէ՝ Էրզրումի մէջ առեւտրական գործերը կարգաւորելու նպատակով։ 27 յունիսի 1828-ին այստեղ հիւրընկալուած է նաեւ ռուս հանճարեղ գրող Ալեքսանտր Պուշկինը։

Թուրք յօդուածագիրը կը յայտնէ, որ 19-րդ դարու սկիզբները Ռուսաստանի որոշ սպաներ կը քննադատէին ցարի քաղաքականութիւնը։ Այդ քննադատութիւններու հետեւանքով ռուսական ցար Նիկոլայ Առաջինի դէմ կը բռնկի դեկտեմբերեան ապստամբութիւնը, որ կը ճնշուի։ Ըմբոստ սպաներու մէկ մասը մահապատիժի կ'ենթարկուի, իսկ միւս մասը՝ կ'աքսորուի կովկասեան ճակատ։ Ցարի այդ որոշման շնորհիւ Պուշկինը հնարաւորութիւն կ'ունենայ, ոչ թէ որպէս ռազմիկ, այլ՝ ճանապարհորդ եւ գրող, մասնակցելու 1828-ին սկսած ռուս-թրքական պատերազմին եւ Կովկասէն անցնիլ Թիֆլիս, Կարս եւ Էրզրում։


 

Ըստ հեղինակի՝ Պուշկինը միայն քանի մը շաբաթ մնացած է այդ առանձնատան մէջ։ Սակայն ներկայիս այդ տան եւ փողոցի նշանակութեան մասին ոչ տեղացի ժողովուրդը գիտէ, ոչ ալ՝ տեղական իշխանութիւնները։

Յիշեցնենք, որ Ալեքսանտր Պուշկինը Կարինի մասին իր տպաւորութիւնները ներկայացուցած է «Ճանապարհորդութիւն դէպի Էրզրում» երկի միջոցով։