image

Հարուստ երկիրներ արդէն իսկ գնած են «Քովիտ»ի պատուաստի առկայ քանակութեան կէսը

Հարուստ երկիրներ արդէն իսկ գնած են «Քովիտ»ի պատուաստի առկայ քանակութեան կէսը

Հարուստ երկիրներու խումբը, որ կը ներկայացնէ համաշխարհային բնակչութեան 13 տոկոսը, արդէն գնած է «Քորոնա» ժահրի դէմ ապագայ պատուաստանիւթերու  կէսէն աւելին, կը հաղորդէ Oxfam-ը:

Կազմակերպութիւնը վերլուծած է դեղամիջոցներ եւ պատուաստանիւթեր արտադրողներու միջեւ կնքուած գործարքները՝ հիմնուած տուեալներու վրայ, որոնք հաւաքած է Airfinity վերլուծական ընկերութիւնը:

Oxfam America-ի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Սիլվըրմանը յայտնած է, որ արդիւնաւէտ եւ անվտանգ պատուաստանիւթի մշակումն ու հաստատումը վճռորոշ նշանակութիւն ունի, սակայն պէտք է համոզուիլ, որ այն հասանելի է իւրաքանչիւրին:

Oxfam-ը հաշուարկած է, որ պատուաստանիւթ արտադրող 5 խոշոր թեկնածուներու (AstraZeneca, Gamaleya/Sputnik, Moderna, Pfizer եւ Sinovac) համատեղ արտադրական հզօրութիւնը կը կազմէ 5,9 միլիառ դեղաչափ, որ բաւարար է 3 միլիառ մարդու համար:

2,7 միլիոն դեղաչափ գնած են զարգացած երկիրները, տարածաշրջանները, այդ շարքին՝ ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Աւստրալիա, Հոնկ Քոնկ, Մաքաօ, Ճափոն, Զուիցերիա, Իսրայէլ:

Մնացած 2,6 միլիառ դեղաչափը խոստացուած է զարգացող երկիրներուն, այդ շարքին՝ Հնդկաստան, Պանկլատեշ, Չինաստան, Պրազիլ, Ինտոնեզիա եւ Մեքսիկա: