Ամերիկահայ հանրայայտ աստղ, գործարար Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը որոշած է սառեցնել Facebook-ի եւ Instagram-ի իր հաշիւները, ի նշան ընկերային ցանցերու վրայ ապատեղեկատւութեան տարածման ու ատելութեան դէմ բողոքի։
«Ապատեղեկատւութիւնը, որ կը տարածուի ընկերային մետիային մէջ, լրջօրէն կ'ազդէ մեր ընտրութիւններուն վրայ եւ կը հեղինակազրկէ մեր ժողովրդավարութիւնը»,- Twitter-ի իր էջին գրած է Քիմը՝ միանալով «Stop Hate for Profit» արշաւին («Դադրեցէք ատելէ շահի պատաճառով»), որ կը փորձէ աշխոյժօրէն ազդել Facebook Inc.-ի վրայ՝ նպատակ ունենալով ընկերային ցանցի բովանդակութենէն բացառել ատելութիւն տարածող հրապարակումներն ու խօսքը։