image

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբէն հրաւէր. Պէտք է հանդիպին Հայաստանի եւ Ատրպէյճան ԱԳ նախարարները

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբէն հրաւէր. Պէտք է հանդիպին Հայաստանի եւ Ատրպէյճան ԱԳ նախարարները

Համանախագահները նպատակ ունին վերսկսելու «առանց նախապայմաններու լուրջ առարկայական բանակցութիւնները»:

ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան Եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Էնտրիւ Շոֆերը, Իկոր Փոփովը եւ Ստեֆան Վիսքոնթին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ՝ Անճէյ Քասփշիքը խտացուած խորհրդակցութիւններ կատարած են 14 Սեպտեմբերին, Փարիզի մէջ:

ԵԱՀԿ-ի հաղորդագրութեան համաձայն, համանախագահները քննարկած են իրավիճակը տարածաշրջանին, յատկապէս ուշադրութեան կեդրոնը պահելով նոր զարգացումները, Յուլիսի կէսերուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած մագլցումէն յետոյ: Միջնորդները մանրակրկիտ քննարկած եւ գնահատած են կողմերու մասնաւոր եւ հրապարակային ուղերձները, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Քասփշիքը ներկայացուցած է անվտանգային իրավիճակը գետնին վրայ, համանախագահները ողջունած են անոր յստակ նախապատրաստութիւնները դիտարկման գործունէութիւնը վերսկսելու ուղղութեամբ:

Միջնորդները առանձին հեռախօսազրոյցներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ ու հրաւիրած առաջիկայ շաբաթներուն անհատապէս հանդիպելու իրենց հետ՝ դիրքորոշումներու հետագայ յստակացման համար, «առանց նախապայմաններու լուրջ առարկայական բանակցութիւնները վերսկսելու նպատակով»:

«Համանախագահները աշխուժօրէն ու ամբողջութեամբ ներգրաւուած կը մնան խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորման համար բանակցութիւնները դիւրացնելու գործին մէջ, ԵԱՀԿ-ի իրենց մանտաթին համապատասխան», - նաեւ նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: