image

Դիմակ չկրելու համար բռնութիւն...

Դիմակ չկրելու համար բռնութիւն...

Երէկ Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի Րաֆֆիի փողոցի վրայ հրմշտոց, քաշքշոց ու կռիւ եղած է: Aravot.am-ի հաղորդմամբ՝ քանի մը ոստիկաններ կնոջ մը բռնած էին՝ դիմակի համար, վերջինս ալ կը պնդէր, թէ ինքը դիմակ կրած է:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ ոստիկանները կնոջ թեւէն բռնած՝ կը փորձէին բերման ենթարկել, ան ալ կ'ըսէր, թէ թեւը կոտրուած է։

Խառնաշփոթի մէջ ոստիկանները նկատեցին, որ դիմակ չկրած կինը փախուստի դիմած է։ Աւելի ուշ  ոստիկանները կնոջ թեւերէն բռնած՝ նստեցուցին ոստիկանական մեքենայ ու տարին բաժին:

Նիւթն ամբողջութեամբ՝ սկզբնաղբիւր կայքէն: