image

Վրաստան մուտքի նոր կանոններ

Վրաստան մուտքի նոր կանոններ

15 Սեպտեմբերէն Վրաստան մուտք գործող արտասահմանցիները պէտք է իրենց հետ ունենան 72-ժամեայ ՊՇՌ-քննութեան արդիւնք, կը հաղորդէ «Սփութնիք Կրուզիա»-ն: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան:

Անոր խօսքով՝ այդ միջոցն անհրաժեշտ է ռիսքերը կառավարելու եւ իրավիճակը հսկելու համար:

Վրաստան առանց պայմաններու իրաւունք ունին մուտք գործել միայն Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Լաթվիայի, Լիթվայի եւ Էսթոնիայի քաղաքացիները:

Այս փուլին պիտի թոյլատրուի նաեւ եւս 13 երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը, այդ երկիրներու շարքին են՝ Սպանիա, Լիւքսեմպուրկ, Հոլանտա, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումինիա, Յունաստան, Շուէտ, Խորվաթիա, Իտալիա, Սլովաքիա, Իսլանտա եւ Կիպրոս: Այդ երկիրներու քաղաքացիները Վրաստան ժամանելէ ետք իրենց հաշուոյն քարանթին (մեկուսացում) պէտք է անցընեն: Համակարգող խորհուրդի որոշմամբ այժմ քարանթինի ժամկէտը 12-էն դարձած է 8 օր: