image
Հրատապ լուրեր:

Յոյներու մեծամասնութիւնը կողմ է Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան

Յոյներու մեծամասնութիւնը կողմ է Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ յունական «Ta Nea» թերթը ընկերային հարցախոյզ իրականացուցած է։

Ըստ «Էրմէնիհապէր»ին, Հարցախոյզի մասնակիցներուն տրուած է «Թուրքիոյ հետ լարուածութեան թուլացման համար արդեօ՞ք պէտք է երթալ երկխօսութեան, թէ՞ ոչ» հարցը: Մասնակիցներում 69,8 տոկոսը պատասխանած է, որ կողմ է երկխօսութեան։

Առաջիկային Թուրքիոյ հետ լուրջ ընդհարման հաւանականութիւնը հարցուածներու 63,7 տոկոսը բարձր կամ միջին աստիճանի կը գնահատէ, իսկ 34,5 տոկոսը հակուած է այն տեսակէտին, որ այդ հաւանականութիւնը քիչ է կամ ընդհանրապէս չկայ։  

«Արդեօ՞ք Յունաստանը պէտք է Թուրքիոյ դէմ ռազմական միջոցներ կիրառէ, թէ ոչ» հարցին, մասնակիցներու 49,2 տոկոսը պատասխանած է․ «պէտք է կիրառէ կամ հաւանաբար պէտք է կիրառէ», իսկ 47,1 տոկոսը կը կարծէ՝ ոչ կամ հաւանաբար ոչ։