image

Մահացած է հայ ազգի բարեկամ չեխ լրագրող՝ Տանա Մազալովան

Մահացած է հայ ազգի բարեկամ չեխ լրագրող՝ Տանա Մազալովան

66 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հայ ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ ՝ չեխ լրագրող Տանա Մազալովան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը թուիթըրի իր էջին ցաւակցական ուղերձ յղած է անուանի չեխ լրագրողի մահուան կապակցութեամբ:

Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.«Խոր ցաւով տեղեկացայ, որ կեանքէն հեռացած է չեխ իրաւաբան, անուանի լրագրող Տանա Մազալովան:

Արցախեան ազատագրական պայքարի տարիներուն բազմիցս այցելելով Հայաստան եւ Արցախ՝ Տանա Մազալովան լուսաբանած եւ հետեւողականօրէն անդրադարձած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան, միջազգային տարբեր հեղինակաւոր հարթակներու վրայ հաւաստի տեղեկութիւններ հաղորդած Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին:

Անկախ դժուարութիւններէն եւ վտանգներէն, որոնց պակասը չէ եղած թէ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ եւ թէ յետպատերազմեան շրջանին՝ Տանա Մազալովան միշտ աչքի ինկած է իսկական լրագրողին բնորոշ լաւագոյն յատկանիշներով՝ սկզբունքային դիրքորոշմամբ եւ անկողմնակալութեամբ:

Անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յղեմ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ կը կիսեմ անոնց վիշտը»: