image

Տխուր պայմաններու մէջ նոր կորուստ. Հալէպի մէջ մահացած է գրող-երգիծաբան Յակոբ Պէքարեանը

Տխուր պայմաններու մէջ նոր կորուստ. Հալէպի մէջ մահացած է գրող-երգիծաբան Յակոբ Պէքարեանը

Տխուր լուր ստացանք հայկական Հալէպէն։ Մահացած է հալէպահայ գրող-երգիծաբան Յակոբ Պէքարեանը (70 տարեկան)։

Հալէպի մէջ իր աչքերը փակած Պէքարեան վերջին տարիներուն ապրած է գրեթէ առանձնացած վիճակի մը մէջ, զրկուած ըլլալով մարդկային ամենատարրական պայմաններէ։

Որոշ ժամանակ մը ուսուցչութեամբ զբաղած Պէքարեան  գրած ու ապրած է երգիծաբանի «դաժան» կեանքով միշտ փորձելով խանդ ու ժպիտ հաղորդել իր ընթեցողներուն։

Ան հանդէս եկած է կարճ պատմուածքներով, երգիծական կարճ նշմարներով ու տոմսեր եւ անոր գրութիւնները մասնաւորապէս լոյս տեսած են Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող ՝ «Նոր Կեանք» եւ «Դիտակ» ամսաթերթերուն մէջ։

Շնորհիւ իր սուր գրիչին Պէքարեան կարողացած է դառնալ իրաւ եւ անկեղծ երգիծաբան մը, որուն նպատակն էր երգիծանքի ճանապարհով սրբագրել հանրութեան սխալները եւ սխալ ընկալումները։

Պէքարեանի թաղման կարգը եղած է Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մէջ ի ներկայութիւն սակաւաթիւ բարեկամներու։

 

 

 «Արեւելք» տակաւին կ՚անդրադառնայ Պեքարեանի  գործին  եւ  անոր թողած գրական  ժառանգութեան։