image

Սերպիոյ մէջ. Ձերբակալուած է Ատրպէյճանի դեսպանը

Սերպիոյ մէջ. Ձերբակալուած է Ատրպէյճանի դեսպանը

Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է Սերպիոյ եւ Պոսնիա Հերցեկովինայի մէջ երկրի դեսպան Էլտար Հասանովի ձերբակալութեան մասին, կը յայտնէ Turan-ը:

Պետական անվտանգութեան ծառայութեան զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ ան ներգրաւուած եղած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութենէն ներս աւելի վաղ յայտնաբերուած իւրացումներուն մէջ:

«Այս քրէական գործի քննութեան ընթացքին արտաքին քաղաքական գործունէութեան համար յատկացուած պետական միջոցներու իւրացման վերաբերեալ նոր փաստեր յայտնաբերուած են: Պարզուած է, որ Սերպիոյ, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի եւ Մոնթենեկրոյի մէջ երկրի դեսպան Էլտար Հասանովը կատարած է զգալի նիւթական եւ այլ խախտումներ: Այս գործի շրջածիրէն ներս Էլտար Հասանովը ձերբակալուած է»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ Էլտար Հասանովը Ատրպէյճանի նախկին գլխաւոր դատախազն է: Ան մէկ օր առաջ ժամանած էր Պաքու եւ մասնակցած Ատրպէյճանի եւ Սերպիոյ Անվտանգութեան խորհուրդներու ղեկավարներու բանակցութիւններուն:

Ըստ ամենայնի, առաջիկային դատարանը որոշում պիտի կայացնէ անոր կալանաւորման մասին, եւ ան ետ պիտի կանչուի դեսպանի պաշտօնէն: