image
Հրատապ լուրեր:

Քրտական հարցի հիմնական պատճառը պետութեան վախն է. Տաւութօղլու

Քրտական հարցի հիմնական պատճառը պետութեան վախն է. Տաւութօղլու

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար, ներկայիս՝ ընդդիմադիր «Ապագայ» կուսակցութեան հիմնադիր-առաջնորդ Ահմեթ Տաւութօղլուն Տիարպէքիրի մէջ, ուր կը մասնակցէր կուսակցութեան նահանգային ժողովին, մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկած է:

Քրտական հարցի հիմնական պատճառը պետութեան մէջ եղած չափազանցուած վախն է այդ հարցի շուրջ, ասուլիսի ժամանակ նշած է նախկին վարչապետը:

Տաւութօղլուի կարծիքով, ներկայիս իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը «գերի ինկած է» 90-ական թուականներու քաղաքական դերակատարներուն։

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը վերադարձ կատարած է 90-ականներուն, ընդգծած է ան:

Տաւութօղլուն խօսած է նաեւ տեղային ժողովրդավարութեան առումով գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն մասին, մասնաւորապէս կապուած տեղային ինքնակառավարման հետ, որոնք տեւական ժամանակ առկայ են յատկապէս քրտաբնակ շրջաններուն մէջ։