image

Թրամբի վարչակարգը 100 միլիոն պատուաստանմուշ պիտի գնէ Նուպար Աֆէյեանի «Մոտէրնա» ընկերութենէն

Թրամբի վարչակարգը 100 միլիոն պատուաստանմուշ պիտի գնէ Նուպար Աֆէյեանի «Մոտէրնա» ընկերութենէն

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբն ըսած է, որ իր վարչակազմը Moderna ընկերութեան հետ պայմանաւորուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի 100 միլիոն նմուշ ձեռք բերելու մասին:

CNBC-ն կը հաղորդէ, որ Moderna-ն իր հերթին յայտնած է, որ գործարքի գինը պիտի կազմէ 1.53 միլիառ տոլար: Գործարքը ԱՄՆ կառավարութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ անհրաժեշտութեան պարագային ձեռք բերել եւս 400 միլիոն նմուշ:

2020-ի յուլիսի վերջը Moderna ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրը եւ գլխաւոր տնօրէնը հայազգի գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէյեանն է, յայտնած էր ԱՄՆ-ի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի փորձարկման 3-րդ փուլի մեկնարկի մասին: Այդ փուլին կը նախատեսուի ներգրաւել 30 հազար կամաւոր։

Աւելի վաղ Նուպար Աֆէյեանը յոյս յայտնած էր, որ 2020 թուականի աւարտին կամ 2021 թուականի սկիզբը պիտի ունենան պաշտօնապէս հաստատուած պատուաստանիւթ, եւ աւելացուցած է, որ ընկերութիւնը կ'ակնկալէ 2021 թուականին պատրաստել 500 միլիոնէն մինչեւ 1 միլիառ դեղաչափ։

 

Աղբւիրը՝ «ՄետիաՄաքս»