Հալէպահայ գաղութի նուիրեալ անդամներէն Վարդան Առաքելեան իր մահկանացուն կնքած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւան հաստատուած հալէպահայ՝ Հրայր Ակիլեանէն։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալած անձնաւորութիւն եղած է եւ գործած Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդարանի շրջանակներուն մէջ։
Հանգուցեալը ծնած էր 1956 թուականին Տէր Զօրի մէջ։