image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստան «Քովիտ»ի դէմ առաջին պատուաստը գրանցեց

Ռուսաստան «Քովիտ»ի դէմ առաջին պատուաստը գրանցեց

ՌԴ-ի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, բանալով կառավարութեան անդամներու հետ խորհրդացութիւնը, յայտնած Է Ռուսաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ աշխարհի մէջ առաջին պատուաստանիւթի գրանցման մասին, կը տեղեկացնԷ «Արմէնբրես»-ը:

«Որքան ինծի յայտնի Է, այսօր առաւօտեան աշխարհի մէջ առաջին անգամ գրանցուած Է նոր «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ պատուաստանիւթ»,- ըսած Է նախագահը:

Փութինը յոյսով Է, որ ժամանակի ընթացքին աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ շատ պատուաստանիւթեր կը յայտնուին։