image
Հրատապ լուրեր:

Արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ. Դանակահարուած են հայր մը եւ անոր երկու որդիները

Արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ. Դանակահարուած են  հայր  մը եւ անոր երկու  որդիները

Արտակարգ դէպք պատահած է Երեւանի մէջ. 61-ամեայ հայրն ու անոր որդիները դանակահարուած վիճակով տեղափոխուած են հիւանդանոց:

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով՝ երէկ՝ 9 օգոստոսին, ժամը 22:00-ի սահմաններուն «Շէնգաւիթ» հիւանդանոցէն ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ կտրած-ծակած թափանցող վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած են 3 քաղաքացի:

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են՝ վիրաւորներն են՝ Եղիշէ Թադեւոսեան փողոցի բնակիչներ, 61-ամեայ Կարօ Յարութիւնեանը, 30-ամեայ Գարիկ Յարութիւնեանը եւ 28-ամեայ Էրիկ Յարութիւնեանը:

Շէնգաւիթի ոստիկանները պարզած են, որ նշուած անձանց եւ Եղիշէ Թադեւոսեան փողոցի բնակիչ, 44-ամեայ Հրաչեայ Պետրոսեանի միջեւ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է, որու ժամանակ վերջինս իր մօտ եղած դանակով հարուածներ հասցուցած է Կարօ, Գարիկ եւ Էրիկ Յարութիւնեաններուն:

Հ. Պետրոսեանը ձերբակալուած է:

Կայքի տեղեկութիւններով՝ դէպքը տեղի ունեցած է Եղիշէ Թադեւոսեան փողոցի 19 շէնքի բակին մէջ, իսկ վիրաւորներէն Գ. եւ Է. Յարութիւնեանները Կ. Յարութիւնեանի որդիներն են: