image
Հրատապ լուրեր:

Յունաստանի բանակը ահազանգային վիճակի բերուած է

Յունաստանի բանակը ահազանգային վիճակի բերուած է

9 Օգոստոսին Յունաստանի զինուած ուժերը մարտական պատրաստութեան բերուած են Եգէական ծովին մէջ թրքական նաւերու տեղակայման պատճառով, որ, իր հերթին, պայմանաւորուած է 10-11 օգոստոսին յունական Հռոտոս եւ Քասթելորիզո կղզիներուն միջեւ ինկած ջրային տարածքին մէջ մարտական կրակով թրքական զօրավարժութիւններու կայացման հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը` յղում տալով Armyvoice.gr-ին:

Աղբիւրի տուեալներով` թրքական նաւերու ծով դուրս գալու պատճառով Յունաստանի զինուած ուժերուն մէջ տագնապ յայտարարուած է, չեղարկուած են արձակուրդները, արձակուրդի մէջ գտնուող զինծառայողները ետ կանչուած են ծառայութեան վայրեր:
Կը տեղեկացուի նաեւ, որ մարտական պատրաստութեան բերուած է օդուժը, ինչպէս նաեւ երկրի ռազմածովային ուժերու նաւերն ու սուզանաւերը, որոնք կը գտնուին Եգէական ծովու կարեւորագոյն դիրքերուն վրայ:

Յունական պաշտօնական գերատեսչութիւնները ոչ հաստատած, ոչ ալ հերքած են այս տեղեկութիւնը:

Յունական Open TV հեռուստաընկերութեան տուեալներով` այժմ Եգէական ծովու կարեւորագոյն դիրքերուն վրայ տեղակայուած է թրքական ռազմածովային ուժերու 17 նաւ: