image

Սեւանայ Լիճ. Խեղդուած է 30-ամեայ երիտասարդ մը

Սեւանայ Լիճ. Խեղդուած է 30-ամեայ երիտասարդ մը

Սեւանայ լիճին մէջ, 30-ամեայ երիտասարդ մը խեղդուած է:

9 Օգոստոսին, ժամը 17։35-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ եղած է, որ Ծովագիւղ-Շորժա ճանապարհի 19-րդ քմ-ին՝ Եղեգնուտ լողափին մօտ, կը նկատուի խեղդուող քաղաքացի։ Այս մասին յայտնած են ԱԻՆ-էն:

Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան  Գեղարքունիքի մարզային փրկարարական վարչութեան յատուկ ջրափրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:

Ջրասուզակները Սեւանայ լիճէն դուրս բերած են Նորայր Մ․-ի (1990 թ․) դին։