image

Մահացած է Յուշիկ Ղազարեանը. Հանգուցեալը Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի երիտասարդ աշխատակիցներէն էր

Մահացած է Յուշիկ Ղազարեանը. Հանգուցեալը  Հալէպի  «Գանձասար» պարբերականի երիտասարդ աշխատակիցներէն էր

Հալէպէն տխուր լուր ստացանք։ Այսօր իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ երիտասարդ գործիչ ՝ Յուշիկ Ղազարեանը։

 Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Գանձասար»ին կողմէ։

 

Յուշիկ Ղազարեանի մահուան տխուր առթիւ թերթին յղուած ցաւակցագրերուն մէջ կը նշուի, որ հանգուցեալը եղած է անդամ Հալէպի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ եռանդուն գործունէութիւն տարած՝   Հալէպի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորի շրջանակներուն մէջ։

Ան եղած է նաեւ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխոյժ գրիչներէն մին։

Ըստ ընկերային  ցանցերու  վրայ  ներկայացուած  տուեալներուն Յուշիկ Ղազարեան մահացած է «Քորոնա» վարակին հետեւանքով։

 

Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի հարազատներուն, ինչպէս նաեւ «Գանձասար» թերթի  ընտանիքին։