image

Ախալքալաքի մէջ սպանութիւն եւ ... լարուած վիճակ

Ախալքալաքի մէջ սպանութիւն եւ ... լարուած վիճակ

Ախալքալաքի մէջ զանգուածային անկարգութիւնները կը շարունակուին։ Այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը, նշելով, որ անկարգութիւններու պատճառը Քուլիքամ գիւղի բնակիչ Վարդիկ Մարապեանի սպանութիւնն է։

Ականատեսները Tert.am-ին պատմած են, որ տարիներ շարունակ երկու գիւղերէն Գաբրիէլեաններու ու Մարապեաններու ընտանիքները վիճաբանութիւններ ունեցած են:

Սպանութեան մէջ կասկածուողը Տիլիսքա գիւղի բնակիչ, Ախալքալաք բնակող Գաբրիէլեաններու որդին է։

Սպանութեան յաջորդած է Ախալքալաքի մէջ Գաբրիէլեանին պատկանող հիւրանոցային համալիրի, ճաշանի, ինչպէս նաեւ դէպքի վայրը գտնուող Գաբրիէլեանի համախոհներուն պատկանող քանի մը տուներու հրկիզումը քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ։

Սպանութեան յաջորդած է մօտ հարիւր մարդու մասնակցութեամբ ծեծկռտուքը, որուն հետեւանքով մը քանի անձ կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմուք․ անոնց շարքին նաեւ Սամուէլ Գաբրիէլեանը։ Ըստ նախնական տուեալներու հիւանդանոցին մէջ մահացած է եւս մէկ անձ։

Կը նշուի նաեւ, որ Վարդիկ Մարապեանը 27 տարեկան էր, ամուսնացած էր վեց ամիս առաջ։

Քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ հրկիզուած մեքենաներ են, ճանապարհները փակ են, միջադէպերին մասնակցած են մի քանի համայնքներու երիտասարդներ, արտահերթ կ'աշխատի նաեւ բժշկական հաստատութիւնը։


 

Լուսանկարները՝ jnews.ge-ի