image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք պատրաստ ենք վերակառուցել Պէյրութի նաւանագիստը». Թուրք պատասխանատու

«Մենք պատրաստ ենք վերակառուցել Պէյրութի նաւանագիստը». Թուրք  պատասխանատու

Թուրքիոյ փոխ նախագահ Ֆուաթ Օքթայը շաբաթ օր յայտարարած է, որ Անգարան պատրաստ է վերակառուցել պայթումի հետեւանքով վնասուած Պէյրութի նաւահանգիստը, փոխանցած է ԹԱՍՍ-ը:

«Այժմ թրքական որոնողափրկարարական խումբերը կը շարունակեն աշխատիլ Պէյրութի մէջ, այս պահու դրութեամբ՝ մեր երկիրը 400 թոն սնունդ ուղարկած է: Թուրքիան պատրաստ է վերակառուցել լրջօրէն վնասուած նաւահանգիստը եւ յարակից շէնքերը Պէյրութի: (Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ հանդիպման) Մենք յայտարարած ենք, որ Մերսին գտնուող մեր նաւահանգիստը կրնայ օգտագործուիլ Լիբանանի կողմէ մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստը վերականգնուի»,- յայտարարած է Օքթայը Լիբանանի մայրաքաղաքը կայացած մամուլի ասուլիսին, որ կը հեռարձակուէր «Անատոլիական» լրատուական գործակալութեան կողմէ: