image

Սեւանայ լիճին շուրջ մաքրման աշխատանքներ կ՚ իրականացուին

Սեւանայ լիճին շուրջ մաքրման  աշխատանքներ կ՚ իրականացուին

Սեւանայ լիճի հարաւարեւելեան ափեզրին շուրջ 700 հա ջրածածկ անտառապատ տարածքներու մաքրման աշխատանքներ նախատեսուած են, որուն շուրջ 30%-ը այս տարի կ'իրականացուի։ Այս մասին գրած է ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարար՝ Ռոմանոս Պետրոսեան։

«Ծառերու եւ թփուտներու մնացորդներուն դուրս բերելը առափնեայ ջրածածկ գօտիներէն, Սեւանի ջուրերուն կապտականաչ ջրիմուռներու առաջացման պատճառներու վերացման ուղղուած է։

Լիճի ճահճացման հիմնական պատճառներէն են, կենսաբանական եւ օրկանական ծագումով թափոններու տեսակարար կշիռի անթոյլատրելի չափերու հասնող պարունակութիւնը ջրերուն մէջ, որ հետեւանքն է նաեւ յարակից շարք մը բնակավայրերու եւ առափնեայ հանգիստի գօտիներու կոյուղիի անարգել ներթափանցման լիճի աւազան։

Բոլոր այս խնդիրները ենթակայ են մանրամասն գոյքագրման, ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան, որպէսզի խելամիտ եւ իրատեսական լուծումներ առաջադրուին ողջամիտ ժամանակային կտրուածքով։

Այս փուլին խնդիր ունինք, հետեւողականօրէն հասնելու Սեւանայ լիճի բնապահպանական համակարգի համար սպառնալիք հանդիսացող մարդածին գործօններու, ու որպէս անոնց ածանցեալ՝ բնական երեւոյթներու աստիճանական նուազեցման ու ի սպառ բացառման։

Գերնպատակը մէկ է՝ վերականգնել Սեւանայ լիճի բնապահպանական համակարգը եւ երաշխաւորել կենսաբազմազանութեան անխաթարութիւնը»։