image

Խմբակային ծեծկռտուք Էջմիածին քաղաքին մէջ. Կան վիրաւորներ

Խմբակային ծեծկռտուք Էջմիածին քաղաքին մէջ. Կան վիրաւորներ

Ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժնի հետաքննչական բաժանմունքին մէջ նիւթերը կը նախապատրաստուին, երէկ, 7 օգոստոսին, Արմաւիրի մարզին մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութիւն-ծեծկռտուքի փաստով:

Ըստ SHAMSHYAN.com-ին՝ Վաղարշապատի ոստիկանները տեղեկութիւններ ստացած են, որ նոյն օրը՝ ժամը 16-ի մօտ, Էջմիածնի Մաշտոցի փողոցը գտնուող այգիին մէջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է Ամբերդ գիւղի բնակիչներու 58-ամեայ Մանուէլ Պապայանի, 23-ամեայ Մայիս Պապայանի, 40-ամեայ Վաչական Մինասեանի, 39-ամեայ Սարգիս Ճուղուրեանի եւ 23-ամեայ Գէորգ Սեդրակեանի, 22-ամեայ Արամ Սեդրակեանի միջեւ, փոխադարձ հնչած են հայհոյանքներ եւ հարուածներ: Նոյն օրը, Սարգիս Ճուղուրեանը եւ Մանուէլ Պապայեանը Ամբերդ գիւղէն մարմնական վնասուածք պատճառելու կասկածանքով բերման ենթարկուած են ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժին, ուր կատարուածի մասին հետաքննչական բաժանմունքին բացատրութիւն տալէն ետք բաց թողուած են:

Վաղարշապատի ոստիկանութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ օփերատիւ-հետախուզական միջոցառումներ, Վ. Մինասեանին եւ Մայիս Պապայեանին յայտնաբերելու ուղղութեամբ: Հետաքննիչի որոշումով նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: Ոստիկանները տեղեկութիւններ ունին, որ ծեծկռտուքի ժամանակ օգտագործուած են փայտեր եւ ինչ-որ գործիքներ: Ըստ աղբիւրին՝  վիճաբանութեան մասնակիցներէն Մանուէլ Պապայեանը Ամբերդ համայնքի ղեկավարն է, իսկ Մայիս Պապայեանը՝ իր տղան: